2013-06-29 11:00:36

Կիրակի 30 Յունիսին Դրամահաւաք Նուիրուած` Քահանայապետի Բարեգործական Գործունէութեան


Հռոմի տեղապահ Արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Ակոսդինօ Վալլինիի ստորագրութիւնը կրող հաղորդագրութիւն մը կը նշէ թէ 30 յունիսին ''ամէնքս հրաւիրուած ենք օժանդակելու Սրբազան Քահանայապետի բարեգործական գործունէութեան, ի սպաս համայն աշխարհի մէջ գտնուող աղքատներուն եւ դժուարութեան մէջ ապրողներուն''։
ֆրանչիսկոս Պապը իր քահանայապետութեան առաջին ամիսներուն յաճախ յիշեց թէ աղքատներու հանդէպ ողորմութիւնը Աւետարանի հիմնական մաս մըն է եւ հաւատքի ցուցանիշ։ Ինք եւս զանազան առիթներով վկայեց թէ ինչպէս կարելի է սիրել անոնք որ անտեսուած եւ դիւրաբեկ իրավիճակի մէջ կ՛ապրին։ ''Կը մաղթեմ որ Անոր օրինակը բոլորս խթանէ ըլլալու առատաձեռն, հակառակ Իտալիան յուզող տնտեսական տագնապին'' - ըսած է Հռոմի տեղապահ եպիսկոպոսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.